Posted in 5-րդ դասարան, նախագծեր

Կարդում ենք արևմտահայերեն

Մուշեղ Իշխան․ «Նամակ Կաղանդ Պապային»

Նամակ 1․ Կաղանդ պապա, Իմ այս նամակս առաջին Քեզ կը գրեմ ես ահա Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին: Ուր ալ ըլլաս, Պիտի անշուշտ զայն կարդաս Եւ անհամբեր պիտի բռնես դուն կրկին Մեր տան ծանօթ հին ուղին: 

Նամակ 2․  Քեզ չեմ մոռցած, Ինչպէ~ս կրնամ մոռնալ քեզ. Ամէն գիշեր,երբ քնանամ, դուն յանկարծ Մօտս կուգաս եւ կը սարքես մեծ հանդէս, Իսկ ցերեկներն ալ թէեւ Կը հեռանաս մեր քովէն, Կ’ըլլաս երազ, կ’ըլլաս երկինք ու արեւ, Բայց սրտաթունդ միշտ կը լսեմ ես նորէն Քու ոտնաձայնդ հեռուէն…

Նամակ 3․ Պէտք է դուն ալ մեծ կարօտով զիս յիշես. Քանի՞ մանչուկ ինծի պէս Կրնաս գտնել դուն այսօր Քու փայփայած մանուկներուդ մէջ բոլոր… 

Նամակ 4․ Մի հաւատար իմ մասին Թռչուններու բերած այդ սուտ լուրերուն, Ես տիպարն եմ ամէնուն, Հեզն ու բարին Եւ ամենէն արժանին՝ Հրաշազան նուէրներուդ գոյնզգոյն… 

Նամակ 5․ Յանուն փառքիդ անսահման Եւ փառաշուք մօրուքիդ՝ Որքան ուզեն՝ լաւ խոստումներ կուտամ միշտ Ծնողներուս սիրական.

Նամակ 6․ Լացող տղան Ես չեմ , պապիկ ,այլ անպիտան սատանան, Որ կը վանեմ մէջէս դուրս Եւ կը դառնամ համակ ժպիտ, համակ լոյս:

Նամակ 7․ Մայրս կ’ըսէ որ այս տարի Քիչ մը հոգի եւ քիչ մը խելք ու շնորհ Բերես ինծի, Բայց չլսես դուն անոր. Խելք ու շնորհ՝ Այնքա~ն ունիմ որ կը բաշխեմ ես ձրի… 

Նամակ 8․ Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր Լեցուր շուտով ինձ համար Շաքար ու միրգ ու խաղալիք անհամար:

Նամակ 9․ Կաղանդ պապա, Որքան կրնաս շուտ եկուր, Ալ չեմ վախնար, ես կը սիրեմ քեզ հիմա. Դուն մի նայիր իմ բառերուս կցկտուր, Դէմքիս գոյնին ու քայլերուս դողահար:

Նամակ 10․ Ձեռքդ վստահ մօտեցուր Իմ բոցավառ շրթներուն, Որքան ատեն զայն երկարես լեփ լեցուն՝ Կը համբուրեմ անպատճառ, Նոյնիսկ կ’երգեմ քեզ համար․․․

Նամակ 11․ Հայրս կ’ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան, Որ դուն օր մը կրնաս բերել հայ տղոց,

Նամակ 12․ Որուն մէջ կայ ամէն բան- Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ, Կրակ ու բոց, Հսկայ շուներ պահապան, Շղթայակապ հին քաջեր Եւ հրեղէն նժոյգներ…

Նամակ 13․ Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ’ուզեմ, Դիր անիւներ ոտքին տակ Ու համարձակ քշէ մեր տունը շիտակ, Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ: 

Նամակ 14․ Օ մի վախնար, չեմ կոտրեր, Զայն կը պահեմ սրտիս դէմ՝ Իբրեւ բարի հրեշտակ Եւ գահակալ իբրեւ հզօր բռնատէր: 

Նամակ 15․ Կ’ըսեն որ դուն ամէն տարի Մասիսէն Կուգաս արդէն. Մազերդ ամբողջ բամպակ ու ձիւն են դարձեր՝ Իր ձիւներուն մէջ անհուն: 

Նամակ 16 ․ Ինչո՞ւ սակայն ոտքով կ’երթաս տունէ տուն Ու չես առներ ի վերջոյ Կամ օդանաւ, կամ օթօ․․

Նամակ 17․ Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա, Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ, Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ անհետ. 

Նամակ 18․ Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ Ձեր կերպարանքը հսկայ. Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես կարծեմ, Առատաձեռն ու բարին․․․

Leave a comment